ԼՈՅՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2009 թուկանին՝ խումբ մը հայ ուսուցչուհիներ, Սիտնիի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ՝ Հայր Բարսեղ Ծայրագոյն Վրդ. Սուսանեանի առաջնորդութեամբ ծնունդ տուին Լոյս Հայկական Վարժարանին:
Այսօր՝ նախադպրոցականներէն մինչեւ 1Օ-րդ կարգի աշակերտներ վարժարանս կը յաճախեն ամէն Շաբաթ՝ առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:30:
Ուսումնական ծրագիրները կը ներառեն քանակագիտութիւն, Հայոց պատմութիւն, քերականութիւն, աշխարհագրութիւն եւ մշակոյթ:
Լոյս Հայկական Վարժարանի աշակերտները առիթը ունին հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ ծանօթանալու, սերտելու եւ սիրելու մայրենի լեզուն, միաժամանակ պահպանելու հայկական եւ քրիստոնէական արժէքները: Read more
Ծանօթացէ'ք Ուսուցչական Կազմին
Լոյս Հայկական Վարժարանի ուսուցչակազմը կը բաղկանայ վկայեալ, վաստակաշատ ու փորձառու ուսուցիչներէ որոնք դպրոցէն ներս հետաքրքրական ու զուարճալի մթնոլորտ մը ստեղծելով, Հայ մանուկին կու տան բարձրորակ եւ հայեցի ուսում եւ դաստիարակութիւն:




